Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տապալած է ազրպէյճանական խեղաթիւրումներու լայնածաւալ փորձը, որ նպատակ ունէր անգամ մը եւս խաթարել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղւած միջազգային հանրութեան ջանքերը, ինչպէս նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան պրիւքսելեան վեհաժողովին ընդառաջ ստւերել Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացումը:
Ազրպէյճանական կողմի ապակառուցողական քայլերը կարելի եղաւ տապալել Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան եւ Պրիւքսէլի մէջ գործող հայ ազգային կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացւած նպատակային աշխատանքին շնորհիւ:
15 նոյեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունած է նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընդառաջ բանաձեւ, ուր արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով ուղղակիօրէն ճանչցած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` փաստօրէն, կրկնելով 5 յուլիս 2017-ի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանին կապակցութեամբ ընդունւած բանաձեւի նախադէպը, երբ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան ջանքերով Եւրոպական խորհրդարանը աննախադէպ կերպով առաջին անգամ ըլլալով ամրագրած էր Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Այս բանաձեւը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քանի որ Արեւելեան գործընկերութեան պրիւքսելեան վեհաժողովին ընդառաջ անիկա կը սահմանէ համագործակցութեան ակնկալիքները, ինչպէս նաեւ կուրւագծէ Արեւելեան գործընկերութեան հետագայ զարգացման տրամաբանութիւնը, ուստի զարմանալի չէր, որ ազրպէյճանական կողմը մեծ ջանքեր ներդրած էր բանաձեւին հիմնական ուղերձը եւ անոր տրամաբանութիւնը խաթարելու համար: Մասնաւորապէս` ազրպէյճանական կողմը իրեն յատուկ մեթոտներով հասած էր հոն, ուր բանաձեւի նախագիծին մէջ ներկայացւած էին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ Հայաստանի դէմ ուղղւած աւելի քան քսան լրացումներ, որոնք ի շարս այլոց` Լեռնային Ղարաբաղը կը ներկայացնէին իբրեւ Ազրպէյճանի մաս, կը պարունակէին այլ ազրպէյճանամէտ ձեւակերպումներ, կը պահանջէին գաղթականներու անվերապահ վերադարձ եւ այլն: Այնուամենայնիւ, հայկական կողմի նպատակային գործունէութեան եւ եւրոպական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումին շնորհիւ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին տեղի ունեցած քւէարկութեան իբրեւ արդիւնք Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան նպատակային ու յամառ աշխատանքով կարելի եղաւ տապալել ազրպէյճանական կողմին ջանքերով ներկայացւած բոլոր ապակառուցողական լրացումները:
Աւելի՛ն` անգամ մը եւս ամրագրւեցաւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:
Բանաձեւին մէջ ո՛չ միայն կանխւեցաւ այնպիսի դրոյթի ներառումը, ուր Հայաստանը քննադատութեան կենթարկւէր Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու համար, այլեւ Հայաստանը բանաձեւին մէջ վկայակոչելը նկատւեցաւ դրական օրինակ, որ կը կամրջէ այդ երկու համարկումի հարթակները` Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը: Ազրպէյճանական հերթական սադրանքը Պրիւքսելի մէջ լուրջ հակահարւած ստացաւ հայկական դիւանագիտութեան կողմէ` յօգուտ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացման: