Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Ծանրամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան (85 քկ․) դարձաւ եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան ոսկէ մետալակիր:
Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող ծանրամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցեցան 85 քկ․ ծանրութեան կարգի ծանրորդները: Կարապետեան պոկում վարժութեան մէջ վեր պահեց 170 քկ․ եւ դարձաւ փոքր ոսկէ մետալակիր: Հրում վարժութեան մէջ ան բարձրացուց միայն 190 քկ․ եւ նուաճեց փոքր արծաթէ մետալ: Երկամարտի 360 քկ․ արդիւնքով Անդրանիկ Կարապետեան դարձաւ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան:
Երէկ կանանց 75 քկ․ ծանրութեան կարգին մէջ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան դարձած էր Սոնա Պօղոսեան: