Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Մենք պիտի մնանք այն երկրին մէջ, ուր կը գտնուին մեր պապերուն, մեր հայրերուն գերեզմանները, նոյնիսկ եթէ անոնք կիսաւեր վիճակի մէջ են: Ջարդուած գերեզմաններէն, աւերակ դարձած եկեղեցիներէն, դպրոցներէն, արհեստանոցներէն ու մեր տուներէն նոր աշխարհ մը պիտի կառուցենք: Քաջութեամբ, այդ աւերակներուն մէջէն նորէն կարգի պիտի բերենք մեր կեանքը», յունական «Էմպրոս» թերթի 1955ի Սեպտեմբեր 15ի թիւէն նշեալ տողերը մէջբերած է Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան՝ թրքական gazeteduvar.com.tr կայքին վրայ իր գրած վերջին սիւնակին մէջ, որ կ՛առնչուի 1955ի Սեպտեմբեր 6-7ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յոյներու եւ հայերու ջարդերուն:
«Սեպտեմբեր 6-7. Անպատիժ Մնացած Յանցանքները Միշտ Կը Կրկնուին» խորագիրով յօդուածին մէջ, Փայլան կը մատնանշէ Թուրքիոյ պետական պատմագրութեան կողմէ մոռացութեան մատնուած այս ջարդին գլխաւոր մեղաւորները ու կազմակերպիչները։ Ան համոզուած է, որ 1955ի դէպքերը ոչ թէ պատահականութեան կամ թիւրիմացութեան հետեւանք էին, այլ՝ պետութեան կողմէ ծրագրուած ու մանրամասնօրէն կազմակերպուած ոճիր:
Արդարեւ, 1955ի Սեպտեմբեր 6ին, թրքական «Իսթանպուլ Էքսփրէս» թերթը լոյս տեսաւ՝ «Մեր Հիմնադիրին Տունը Պայթուցիկով Յարձակումի Ենթարկուած Է» գլխաւոր խորագիրով: Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի տան մասին տարածուած այս լուրը չի համապատասխաներ իրականութեան, այնուամենայնիւ՝ «լուր»ը իր գործը տեսաւ։ Յոյներ, հայեր եւ հրեաներ յարձակումներու ենթարկուեցան ազգայնամոլ խումբերու կողմէ, Պոլսոյ զանազան շրջաններու մէջ։ Ազգայնամոլները հասան նաեւ Պոլսոյ կղզիները՝ հայերու, յոյներու եւ հրեաներու ամառանոցները։ Տուժեցին նաեւ Անգարայի, Իզմիրի ու շարք մը այլ քաղաքներու քրիստոնեաները:
Փայլան իր գրութեան մէջ թուրք պաշտօնատար Սապրի Եիրպիպեշօղլուն կը նկատէ այդ ջարդին գլխաւոր դերակատարը: Արդարեւ, վերջինս այդ ողբերգական դէպքերէն քանի մը օր ետք ըսած էր. «Սեպտեմբեր 6-7ի դէպքերը հրաշալիօրէն կազմակերպուած միջոցառում էին եւ հասան իրենց նպատակին»։
Փայլան կը շեշտէ, որ ան իր այս «իրագործումին» շնորհիւ ունեցաւ զինուորական փայլուն ասպարէզ մը, որուն մասին միայն քիչեր կրնային երազել: «Երբ խօսքը հայերու, յոյներու, ասորիներու, հրեաներու կամ քիւրտերու մասին է, ապա մեծ տարբերութիւն չկայ քեմալականներու կամ էրտողանամէտներու միջեւ. գործ ունինք իրենց յանցանքներուն համար չպատժուող ու թուրք հասարակութիւնը օգտագործող մարդոց հետ», գրած է հայազգի պատգամաւորը:
Նշենք, որ ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ 1955ի Սեպտեմբեր 6-7ի ջարդերուն ընթացքին սպաննուեցաւ 11 հոգի, մինչդեռ հայկական եւ յունական համայնքներուն ունեցած տեղեկութիւնները այլ են։ Ըստ անոնց՝ սպաննուած է 37 հոգի, բռնաբարուած են 300է աւելի կիներ, քանդուած են 71 եկեղեցիներ, 3 թերթի խմբագրութիւն, 4500 արհեստանոց ու խանութ, 26 դպրոց եւ 2100 տուն ու բնակարան: