Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջերս Պոլսոյ արուարձաններէն՝ Պէյքոզի մէջ գտնուող Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ կալուածին վերաբերեալ շատ կարեւոր զարգացում մը ձեռք բերուեցաւ։ Արդարեւ, տարաձայնուած էին լուրեր, որոնց համաձայն՝ այդ կալուածին գծով կրթական տնօրէնութեան դէմ բացուած դատերէն մէկը իր աւարտին հասած է եւ եկեղեցապատկան այդ կալուածին համար կարեւոր հատուցում մը վճարուած է։
Այս նիւթին առնչութեամբ հարցումներու պատասխանելով՝ Պէյքոզի թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան հաստատեց այս կարեւոր լուրը։
Անոր տուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ եկեղեցապատկան թափուր այդ հողին վրայ պետական վարժարան մը կառուցուած էր, եւ ապօրինի այդ կառոյցին համար թաղային խորհուրդին կողմէ դատ բացուած էր կրթական տնօրէնութեան դէմ։ Դատարանը որոշած է 26 միլիոն լիրա վճարել հողամասին համար, սակայն յիշեալ գումարը արձանագրուած է եկեղեցւոյ փաստաբան Ալի Էպէօղլուի անունով։ Փաստաբան Էպէօղլու իրեն յատկացեալ գումարը առնելէ ետք, անկէ 20 միլիոն 600 հազար (մօտաւորապէս 5.8 միլիոն տոլար) փոխանցած է եկեղեցւոյ անունին։
Մաղաքեան կը յիշեցնէ, որ այս դատը բացուած դատերէն մէկն է միայն։ Այլ դատեր բացուած են նաեւ քաղաքապետութեան եւ զինուորականութեան դէմ։