Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի Սահմանադրական յանձնախումբը վաւերացուցած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ անոր հետ համագործակցող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ներկայացուցած՝ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգին մէջ փոփոխութիւններ նախատեսող օրէնքներուն փաթեթը:
Այս նախաձեռնութեան նպատակն է արգիլել խորհրդարանին մէջ պատգամաւորներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ շարք մը այլ խնդրայարոյց հարցերու մասին արտայայտուիլը։
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւորները յանձնախումբի նիստին ընթացքին յայտարարած են, որ այս քննարկումները իրականացնելուն մէջ որեւէ իմաստ չեն տեսներ, ապա լքած են դահլիճը՝ չմասնակցելով քուէարկութեան:
Թուրքիոյ խորհրդարանի Սահմանադրական յանձնաժողովին վաւերացուցած օրէնքներու այս փաթեթը կ՛ենթադրէ պատիժ սահմանել այն պատգամաւորներուն, որոնք կը վիրաւորեն «թուրք ազգի պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը»: Իբրեւ «վիրաւորանք» պիտի ընկալուի «1915 թուականի դէպքերուն մասին» խօսելու պահուն՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրի գործածութիւնը: Արգելքը պիտի վերաբերի նաեւ խորհրդարանի ամպիոնէն «Քիւրտիստան», «քրտական նահանգներ» եւ շարք մը այլ եզրեր գործածելուն:
Կը նախատեսուի օրէնքը խախտող պատգամաւորները ժամանակաւոր կերպով հեռացնել խորհրդարանի աշխատանքներէն, ինչպէս նաեւ՝ պահել աշխատավարձին մէկ երրորդը, որ մօտաւորապէս 12 հազար թրքական լիրա է (մօտաւորապէս 3400 տոլար):
Փոփոխութիւններու այս առաջարկին դէմ հանդէս եկած են քեմալական Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնն ու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը: Վերջինիս հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ այս տարեսկիզբին պատժուած էր՝ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելուն համար, փոփոխութիւններուն առաջարկը անուանած է «իշխող եւ ազգայնական կուսակցութեան մենատիրական համախմբման առաջարկ»:
Օրէնքներու փաթեթը քննադատած է նաեւ քեմալական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան՝ նշելով, որ այդպիսով պարզապէս փորձ կը կատարուի խորհրդարանին մէջ լռեցնելու ազգային փոքրամասնութիւններուն ձայնը: «Անկասկա՛ծ, ոչ ոք պէտք է վիրաւորէ թուրք ժողովուրդին պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը: Սակայն ի՞նչ կ՛ըսէք միւս ազգերուն համար: Օրինակ՝ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կարելի՞ է վիրաւորել», հարց տուած էր ան: