Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական տարբեր աղբիւրներու համաձայն՝ պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեան խոյս տուած է թրքական բանտէն:
Արդարեւ, ան Յուլիս 14ի առաւօտեան, բանտի ղեկավարութեան արտօնութեամբ, հերթական անգամ ըլլալով դուրս եկած է բանտէն՝ վերադառնալու պայմանով, որովհետեւ իբրեւ ոչ վտանգաւոր բանտարկեալ՝ Նշանեան ենթակայ էր «բանտային բաց դրութեան», հետեւաբար՝ հերթականօրէն կրնար նման «արձակուրդներ» վայելել։
Սակայն, այս անգամ, Նշանեան որոշուած ժամուն չէ վերադարձած Ֆոճայի բանտ, իսկ աւելի ուշ «Թուիթըր»ի եւ «Ֆէյսպուք»ի իր էջերուն վրայ գրած է. «Թռչունը թռաւ։ Տարոսը մնացեալ 80 միլիոնին», ակնարկելով Թուրքիոյ բնակչութեան։
Աւելի ուշ, Նշանեան «Հապերթիւրք» լրատու գործակալութեան հետ հեռաձայնային զրոյց մը ունենալով հաստատած է, թէ ինք երկրէն հեռացած է՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:
Այս մասին թուրք այլախոհ պատմաբան Թաներ Աքչամ գրած է. «Սեւան Նշանեանը փախուստի դիմած է՝ ըսելով. «թռչունը թռաւ», բոլոր թռչուններուն համար ազատ աշխարհի մը ակնկալիքով…»։
Նշենք, որ Նշանեան 2014ին, 17 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ անհիմն ամբաստանութիւններով։