Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ ընթացած Norway Chess ճատրակի մրցաշարքի վերջին փուլին, Հայաստանի հաւաքականի առաջատար Լեւոն Արոնեանի խաղը՝ ամերիկացի Ուեսլի Սոյի հետ, աւարտեցաւ ոչ ոքի արդիւնքով: Այս խաղէն ետք, Արոնեան 6 միաւորով դարձաւ մրցաշարքի առաջնատարը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Հիքարու Նաքամուրան: