Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Շարք մը թուրք մտաւորականներ համացանցի միջոցով ստորագրահաւաքի սկսած են՝ յաւելեալ իրաւասութիւններ պահանջելով բանտարկուած պոլսահայ գրող, լեզուաբան եւ գործարար Սեւան Նշանեանի համար. այս մասին կը տեղեկացնէ «Տիքեն» լրատուական կայքը:
Մտաւորականները կը պահանջեն Նշանեանին թոյլատրել բանտին մէջ շարունակել իր գործունէութիւնը եւ աշխատիլ իր լեզուաբանական ծրագիրներով:
Նախաձեռնութիւնը արդէն իսկ ստորագրած են շարք մը հեղինակաւոր թուրք մտաւորականներ, ներառեալ՝ թուրք գրող եւ Նոպէլեան Գրականութեան մրցանակ շահած Օրհան Փամուք, ուսողութեան փրոֆ. Ալի Նեսին եւ դերասաններ Նուր Սիւրեր ու Լալէ Մանսուր:
Նշենք, որ Սեւան Նշանեան 2013ի Մայիսին դատապարտուած էր 13.5 ամսուան բանտարկութեան, Մուհամմատ մարգարէի հասցէին իր կատարած արտայայտութիւններուն համար: 2013ի Դեկտեմբեր 12ին, Նշանեան ապօրինի շինարարութիւն կատարելու մեղադրանքով դատապարտուած էր 3.4 տարուան բանտարկութեան:
Աւելի ուշ, Նշանեան ամբաստանուեցաւ նաեւ «մշակութային եւ բնական արժէքներու պահպանման» մասին օրէնքը խախտելու յանցանքով, որուն համար ան դատապարտուեցաւ եւս 5 տարուան ու 2 ամսուան բանտարկութեան, ինչպէս նաեւ՝ շուրջ 6000 տոլար տուգանքի: