Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ այսօր տեղի ունեցաւ «Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանում եւ Արցախում. սփիւռքահայերը զբօսաշրջութեան ոլորտում» թեմայով կլոր-սեղան քննարկում, որուն կը մասնակցէին չորս տասնեակէ աւելի զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, կը հաղորդէ “Փանորամա”-ն:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ ՀՀ կառավարութեան կողմէ զբօսաշրջութիւնը հռչակուած է որպէս տնտեսութեան զարգացման գերակայ ոլորտներէն մէկը: Հակառակ պետութեան եւ մասնաւոր հատուածի կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն, այս ոլորտը, ըստ նախարարին, կարիք ունի մշտական ուշադրութեան ու նորարարական մօտեցումներու:
Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքերով` վերջին 25 տարուան ընթացքին զբօսավարները իրենց հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ փորձած են նպաստել զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման: «Պէտք է շեշտել, որ առաջին tour operator-ները սփոյուռքահայերն էին, որոնք բերին նոր գիտելիք, նոր հնարաւորութիւններ, նոր կապեր: Անոնք ոչ միայն Հայաստանը ճանաչելի դարձուցին աշխարհին, այլեւ մեր հայրենակիցները կապեցին հայրենիքի հետ»,- ըսած է նախարարը:
Այդուհանդերձ, ըստ Հրանոյշ Յակոբեանի, այս ամէնը բաւարար չեն, համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու պարագային հնարաւոր է շատ աւելի լաւ արդիւնքերու հասնիլ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ:
Ան նշած է, որ Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեանի հետ քննարկած են, որ առաջնահերթ պէտք է աշխատանքներ տարուին օրէնսդրութեան կատարելագործման ուղղութեամբ:
Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքերով` անկախութեան տարիներուն Հայաստանի համար դժուար էր զարգացնել զբօսաշրջութեան ոլորտը, այսօր արդէն կրնանք ըսել, որ 25 տարիներու ընթացքին հիւրանոցաշինութեան, ճանապարհաշինութեան, սպասարկման ոլորտներու մէջ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած ենք: Մինչդեռ, ըստ անոր, ամենամեծ բացթողումը այն է, որ չենք կրնար` ըստ արժանուոյն ներկայացնել մեր երկիրը:
«Մենք ներկայացման խնդիր ունինք, այդ ներկայանալի դառնալու խնդիրը մեր մօտ բաց է: Մարդիկ ընդամէնը 200 տարուան պատմութիւն ունին, բայց կրնան շատ գեղեցիկ իրենց մատուցել: Մենք այստեղ խնդիր ունինք, ատոր համար պէտք է աշխատինք: Ընելիքներ շատ կան»,- ընդգծած է Հրանոյշ Յակոբեան` աւելցնելով, որ հայկական աւանդոյթները, սովորոյթները այնքան գեղեցիկ են, որ ճիշդ ներկայացնելու պարագային մեծ յաջողութիւններ կ՛ունենանք:
Նախարարը մատնանշեց Արցախի զբօսաշրջութեան վարչութեան օրինակը, որ, անոր գնահատումով, փայլուն կ՛աշխատի:
Հ. Յակոբեանի խօսքերով` Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան երթուղիները մշակուած են աննկարագրելի ճիշդ: «Եթէ մենք կարենանք այդպիսի երթուղիներ մշակել, ապա լուրջ յաջողութիւններ կրնանք արձանագրել: Պէտք է կարենանք Հայաստանի լաւագոյն հատուածները ճիշդ քարոզել այնպէս, ինչպէս Արցախի մէջ կ՛ընեն»,- ընդգծեց Հրանոյշ Յակոբեան:
Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զեյթունցեան նոյնպէս փաստեց, որ Հայաստանը զբօսաշրջութեան զարգացման մեծ ներուժ ունի, սակայն պէտք է կարենալ ճիշդ եւ գրաւիչ ներկայացնել երկիրը: Ըստ անոր` Զբօսաշրջութեան զարգացման 2017-2020 -ի հայեցակարգին մէջ ընտրած են այն թիրախները, որոնց վրայ պէտք է լուրջ ուշադրութիւն դարձնեն:
Զարմինէ Զէյթունցեանի խօսքերով` հայեցակարգի հիմնական կէտերէն պիտի ըլլայ սփիւռքի բոլոր հարթակներու վրայ Հայաստանի մասին գրաւիչ տեղեկատուութեան տարածումը: «Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն մեծ մասը` 50 տոկոսը սփիւռքէն է: Անոնք հիմնականօրէն կու գան ծանօթանալու իրենց արմատներուն, պատմութեան, սակայն Սփիւռքի մէջ Հայաստանի մասին տեղեկատուութիւնը աւելի շատ քաղաքականացուած է եւ չի ներկայացուիր Հայաստանը իր բազմազանութեամբ: Ուստի մեր ռազմավարութեան հիմնաքարը Սփիւռքի բոլոր հարթակներուն վրայ Հայաստանի մասին գրաւիչ տեղեկատուութեան տարածումն է»,- ըսած է Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահը: