Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Պրիւքսել– Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2016–ին, նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին, այսօր յետմիջօրէին Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մօտ բացած դատին առիթով, որուն նպատակն է պահանջել՝ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան եւ դատավարութեան ընթացքը ներկայացուցին կաթողիկոսարանի իրաւական խումբին անդամներէն երեքը՝ դոկտ. Փայամ Ախաւան, դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան եւ դոկտ. Թենի Սիմոնեան: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, իսկ մամլոյ ասուլիսի բացումը կատարեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը: Ասուլիսին ներկայ գտնուեցան միջազգային եւ տեղական լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ, եւրոերեսփոխաններ, պելճիքացի երեսփոխաններ, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, իրաւաբաններ եւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնի խօսքին մէջ նշուած էր՝ «Այս դատը պատմական դատ մըն է, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն 100 տարիներանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը բանայ թուրք պետութեան դէմ, պահանջելով իր պատմական նստավայրին վերադարձը»: Իր կարգին, Գասպար Կարապետեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը, կարեւորեց նման դատի մը նախաաձեռնութիւնը, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է, թէ մեր դատը ճանաչումէ անցած է հատուցման փուլին: Այսօրուան կայացած մամլոյ ասուլիսը կարեւոր է այն առումով՝ որ Պրիւքսելը ըլլալով Եւրոպական միութեան կեդրոնատեղին, արդէն փաստ մըն է, որ բարձրագոյն ատեաններուն առջեւ հայը կը հետապնդէ իր դատը: Կաթողիկոսարանի իրաւաբաններու յանձնախումբի հիմնական փաստաբաններէն դոկտ. Փայամ Ախաւան շեշտեց, որ այս դատը հիմնուած է երկու կարեւոր սկզբունքներու վրայ, որոնք են՝ կալուածի վերադարձը իր իրաւատիրոջ եւ ազատ պաշտամունքի իրաւունքը, որոնք նաեւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու պարագային՝ պաշտպանուած են Լոզանի դաշնագրով: Ախաւան նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է խոհեմ գտնուին, եւ վերադարձնեն կալուածը: Ան վստահեցուց թէ, դատը իրաւական եւ պատմական ամուր հիմնաւորումներով ներկայացուած է դատարան: Դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան իր կարգին անդրադարձաւ մինչ օրս դատական գործընթացին, շեշտելով, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը անուրանալի փաստ մըն է, եւ Թուրքիան պարտաւոր է առերեսուիլ իր անցեալին հետ, ինչ որ նաեւ կը նշուի Եւրոմիութեան եւ եւրոպական երկիրներու բանաձեւներուն մէջ: Դոկտ. Թենի Սիմոնեան ներկայացուց դատին նախապատրաստական աշխատանքները, եւ ընդգծեց, թէ այս դատը առիթ մը պիտի հանդիսանայ Թուրքիոյ մէջ գտնուող, բռնի իսլամացուած միլիոնաւոր թաքուն հայերունվ վերագտնելու համար իրենց պատկանելիութիւնը եւ վերադառնալու իրենց հայկական արմատներուն: Ներկայացումներուն աւարտին, ներկաներուն առիթը տրուեցաւ որ կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբի անդամներուն ուղղեն իրենց հարցումները, յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար: Նշենք նաեւ, որ մամլոյ ասուլիսը դիմատետրի (ֆէյսպուք) ճամբով ուղիղ հեռարձակուեցաւ եւ շատեր նաեւ այս ճամբով իրենց հարցումները ուղղեցին: