Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Օրերս ատրպէյճանական մամուլի մէջ լուրեր կը շրջանառուէին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ լաւաշը հայկական մշակութային տարր ճանչնալու մասին որոշումը մերժելու եւ փոխարէնը ատրպէյճանական յայտը ընդունելու վերաբերեալ, սակայն, ինչպէս միշտ, այս լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան:
Նոյեմբեր 28-էն Եթովպիոյ մէջ մեկնարկած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան միջկառավարական կոմիտէի 11-րդ նստաշրջանի ընթացքի քննարկուած են Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկերուն մէջ արձաբագրելու համար ներկայացուած յայտերը, որոնց մէջ` Ատրպէյճանի, Իրանի, Ղազախստանի, Խրխզիստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ներկայացուած «Տափակ հաց պատրաստելու եւ հիւրասիրելու մշակոյթ. լաւաշ, քաթըրմայ, ժուփքա, եուֆքա» համատեղ յայտը:
Մեր տեղեկութիւններով, վերը նշուած յայտը ներկայացուած է 2015-ին` ի պատասխան Հայաստանի կողմէ աւելի առաջ ներկայացուած եւ 2014 թուականին Կոմիտէի 9-րդ նստաշրջանի ընթացքին ընդունուած «Լաւաշ, աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» յայտին:
Հայկական կողմը բազմիցս բարձրաձայնած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ պարբերաբար քայլեր կը ձեռնարկուին քաղաքականացնելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործունէութիւնը եւ զայն համագործակցութեան ձեւաչափէն վերածելու քաղաքական տարաձայնութիւններու ու բախումներու հարթակի, իսկ վերոնշեալ յայտը ատոր հերթական ապացոյցն է:
Թէեւ «տափակ հաց»-ի պատրաստման աւանդոյթը լայնօրէն տարածուած է տարածաշրջանի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, Հայաստանի մէջ լաւաշի պատրաստման մշակոյթը իր բոլոր բաղադրիչներով` պատրաստման եղանակով, նշանակութեամբ եւ մշակութային ինքնարտայայտման բազմազանութեամբ, էապէս կը տարբերի այլ երկիրներու մէջ համանման մշակոյթներէն:
Հայկական պատուիրակութիւնը պնդած է, որ Կոմիտէն որդեգրած է այն դիրքորոշումը, որ արտայայտած էր 2014 թուականին` Հայաստանի կողմէ ներկայացուած յայտի քննարկման ժամանակ: Հայկական կողմի նախաձեռնած քայլերուն արդիւնքով Կոմիտէի որոշման նախագիծը լրամշակուեցաւ:
Նոյեմբեր 30-ին Կոմիտէն, քննարկելով վերոնշեալ համատեղ յայտը, իր որոշման մէջ յղում ըրած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած յայտի առնչութեամբ 2014 թուականին ընդունուած որոշման` հաստատելով, որ «տարածաշրջանի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ ապրող համայնքները կը կիրառեն յայտին մէջ ներկայացուած «տափակ հաց»-ի տեսակները»: Այդպիսով, Կոմիտէն կոչ կ՛ընէ յայտը ներկայացնող երկիրներուն տուեալ տարրի պահպանման միջոցները իրականացնելու ատեն հաշուի առնել տարրի աւելի լայն մշակութային ընդգրկումը տարածաշրջանին մէջ եւ անկէ դուրս:
Ուստի Կոմիտէն իր որոշումով կը փաստէ, որ համատեղ յայտին մէջ նշուող տարրի արձանագրումը չ՛ենթադրեր, որ անիկա բացառիկ է, այլ կը կիրառուի նաեւ «տարածաշրջանին մէջ եւ անկէ դուրս», իսկ «տափակ հաց»-ի տեսակներէն մէկը` լաւաշը, դեռ 2014 թուականին ընդգրկուած է Ներկայացուցչական ցանկին մէջ` իբրեւ Հայաստանի մէջ կիրառուող տարր:
Իսկ ատրպէյճանական մամուլին մէջ շրջանառուող տեղեկատուութեան, Կոմիտէն 2014 թուականին չէ մերժած Հայաստանի կողմէ 2013 թուականին ներկայացուած յայտը: Անիկա ընդունուած է 2014-ի Նոյեմբեր 26-ին` Կոմիտէի 9-րդ նստաշրջանի ընթացքին` անցնելով պայմանադրութեան սահմանուած ընթացակարգային փուլերը:
Նշենք, որ Հայաստանը Կոմիտէի անդամ ընտրուած է 2016-ի Յունիսին` 4 տարի ժամկէտով: