Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ՊՈԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Տիգրանակերտի քիւրտ համաքաղաքապետներու ձերբակալութենէն մօտաւորապէս շաբաթ մը, իսկ գլխաւոր այլախոհ «Ճումհուրիյէթ» թերթի գլխաւոր խմբագիրի եւ անձնակազմի այլ պաշտօնեաներու ձերբակալութենէն միայն քանի մը օր ետք, թուրք ոստիկաններ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4ի կանուխ ժամերուն, շարք մը քաղաքներու մէջ համակարգուած գործողութիւններով ձերբակալեցին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահները՝ Սալահետտին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եուքսեքտաղը, ինչպէս նաեւ՝ կուսակցութեան 9 այլ երեսփոխաններ, ներառեալ՝ կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի նախագահ Իտրիս Պալուքենն ու բանտարկուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ բանակցութեանց գլխաւոր ներկայացուցիչ Սըրրը Սուրէյա Էօնտերը։

Ձերբակալութիւններուն առնչութեամբ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է՝ բացատրելով, թէ ձերբակալութիւնները տեղի ունեցած են, որովհետեւ ենթակաները «ընթացող հետախուզական աշխատանքներու ծիրէն ներս իրենցմէ պահանջուած վկայութիւնները չեն տուած»։

Նախարարութիւնը նաեւ նշած է, թէ երկու այլ երեսփոխաններ արտասահման գտնուելու պատճառով չեն ձերբակալուած տակաւին:

Յայտնենք, թէ քրտամէտ կուսակցութեան անդամ երեսփոխանները կ՛ամբաստանուին Անգարայի կողմէ «ահաբեկչական» որակուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ գործակցելու «յանցանք»ով։ Ցարդ, երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւն վայելող պատգամաւորներու ձերբակալութիւնները կարելի դարձած են՝ Էրտողանի ջանքերով առաջ մղուած սահմանադրական վերջին «բարեփոխումներ»ուն պատճառով։

Եւրոմիութիւնը, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ եւրոպական շարք մը այլ երկիրներու իշխանութիւնները մտահոգութիւն յայտնեցին ձերբակալութեանց կապակցութեամբ՝ շեշտելով, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է վերածուի ընդդիմութիւնը լռութեան մատնելու գործիքի։

 

ԲԻՐՏ ՈՒԺ ԿԸ ԲԱՆԵՑՈՒԻ՝ ԶՍՊԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆՑ ԴԷՄ ՑՈՅՑԵՐԸ

Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը բիրտ ուժի դիմեց՝ ցրուելու համար քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններու ձերբակալութեանց դէմ Պոլսոյ, Անգարայի, Տիգրանակերտի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն մասնակիցները:

Ոստիկանութեան միջամտութեան հետեւանքով վիրաւորուած են տասնեակ ցուցարարներ, եւ տեղի ունեցած են ձերբակալութիւններ:

Եւրոպայի մէջ եւս, քիւրտերը քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններու ձերբակալութիւնը դատապարտելու նպատակով, բողոքի ցոյցեր կատարած են աւելի քան 20 քաղաքներու մէջ:

 

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ 8 ԶՈՀ ԽԼԵՑ

Նոյն օրը, Տիգրանակերտի Պաղլար շրջանի ոստիկանատան դիմաց տեղի ունեցաւ ուժգին պայթում մը, որուն հետեւանքով առնուազն 8 հոգի սպաննուեցաւ, ներառեալ՝ ոստիկաններ: Վիրաւորուեցան աւելի քան 100 ուրիշներ:

Աւելի ուշ, այդ գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը: