Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» թերթին դէմ ոստիկանական գործողութիւններուն ընթացքին ձերբակուած է նաեւ թերթի խորհրդատու եւ յայտնի լրագրող Քատրի Կիւրսելին:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Կիւրսելի մեծ թիւով յօդուածներ գրած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին, որոնցմէ մէկուն մէջ ան նաեւ խրատած է Պաքուի իշխանութեանց, որ «մոռնան Ղարաբաղը»:
Նաեւ, Կիւրսել Երեւան կատարած իր այցելութեան ընթացքին ծաղիկներ զետեղած էր Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ: