Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին ելոյթը ցոյց կու տայ, որ երկրի ղեկավարութիւնը շփոթած է եւ ծառացած խնդիրները լուծելու անկարողութիւն կը ցուցաբերէ. այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախկին վարչապետ Փանահ Հուսէյն՝ ըստ «Թուրան» լրատու գործակալութեան:
Ուշադրութիւն հրաւիրելով Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու հարցով Պաքուի վրայ գործադրուող ճնշման մասին Ալիեւի յայտարարութեան վրայ՝ Հուսէյնի ըսած է, թէ ղեկավարութեան հռետորաբանութեան կտրուկ փոփոխութիւնը եւ ռազմական ծախսերու կտրուկ կրճատումը կը վկայեն, թէ իշխանութիւնները ծրագիրներ ունին հասարակութիւնը երկրին համար «ո՛չ շահաւէտ փոխզիջման» նախապատրաստելու։
Ան նաեւ քննադատած է եւրոպական կառոյցներու հետ կապերը սերտացնելու ջանքերէն հրաժարելու մասին Ալիեւի յայտարարութիւնները՝ պնդելով, որ անոնք կը հակասեն Ատրպէյճանի ազգային ապահովութեան սկզբունքներուն: