Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամ աշակերտները եւ մասնաւորապէս հայ երեխաները իսլամական կրօնքի դասերէն հեռու պահելու համար, որոշ շրջաններու պաշտօնատարներ սկսած են անտեղի կերպով մկրտութեան փաստաթուղթ պահանջելու անոնցմէ:
Թրքական «Պիանեթ» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ հայ երեխաներու ծնողներն ու ներկայացուցիչները չեն հասկնար, թէ ի՛նչ իմաստ ունի մկրտութեան փաստաթուղթ պահանջելը, երբ երեխաներու անձնագիրներուն մէջ նշուած է անոնց քրիստոնեայ ըլլալուն մասին:
Նախորդ տարի նմանատիպ դէպքեր արձանագրուած էին Շիշլիի հայկական Գարակէօզեան դպրոցին մէջ եւ նոյնիսկ աշակերտներէն մէկը հեռացուած էր դպրոցէն՝ մկրտութեան փաստաթուղթ չունենալուն համար: Սակայն այս գծով բացուած դատը քննած դատարանին որոշումով, հեռացուած աշակերտը կրնայ ուսումը շարունակել հայկական դպրոցի մը մէջ, քանի որ անոր անձնագիրին մէջ կար «քրիստոնեայ» նշումը: Դատարանը վճռած էր, որ երեխան դպրոց չընդունիլը օրէնքի խախտում է:
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Իզմիրի պատգամաւոր Էրթուղրուլ Քիւրքճու այս հարցը Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգ բերած է՝ կրթութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի պատասխանը ակնկալելով:
Քիւրքճու հարց տուած է, թէ արդեօք նախարարութիւնը դպրոցի ներկայացուցիչներուն սոյն պահանջը աշակերտներու իրաւունքներու ոտնակոխում չի՞ նկատեր. ան նաեւ տեղեկութիւններ պահանջած է այս գծով նախարարութեան առնելիք քայլերուն մասին։