Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, ««Արցախփրէս».- Սեբաստիա նահանգի գիւղերէն մէկուն բնակիչներու բողոքին հիման վրայ փոխուած է գիւղին անունը: Արդարեւ, ըստ թրքական «Պիրկիւն» կայքին, Քուզ գիւղի բնակիչները դիմած են իշխանութիւններուն՝ պնդելով, որ իրենց գիւղին անունը քրտերէնով՝ կնոջ սեռական օրգան կը նշանակէ, որուն պատճառով ալ դրացի գիւղերու բնակիչները միշտ կը ծաղրեն զանոնք:
Տեղւոյն իշխանութիւնները համաձայն գտնուած են եւ գիւղը անուանակոչած են իր նախկին՝ հայկական անունով՝ Ծմակ: