Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Պոլսոյ հայազգի պատգամաւոր Սելինա Տողան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, Օգոստոս 4ին բարձրացուցած է յեղաշրջման փորձէն ետք՝ Թուրքիոյ մէջ յառաջացած քաղաքական մթնոլորտին հետեւանքով անապահով զգալու փոքրամասնութիւններուն հարցը:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու՝ Տողան շեշտած է, որ Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնութիւններուն խնդիրները պէտք է անյապաղ քննուին։ Պատգամաւորը նաեւ նշած է, թէ երբ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ նուազող որեւէ փոքրամասնութիւն հարցի մը մասին արտայայտուի, անմիջապէս կը բարձրացուին՝ «Հո՞ղ կ՛ուզեն», «Փոխհատուցո՞ւմ կը պահանջեն» եւ նման այլ հարցումներ։
Տողան ապա յայտնած է, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները կը շարունակեն իրենց դէմ հրահրուող ատելութեանց թիրախը մնալ, ուշադրութիւն հրաւիրելով այն հանգամանքին վրայ, որ նման հալածանքի արգելք հանդիսանալու համար փոփոխութիւններ անհրաժեշտ են ոչ միայն օրէնքներու մէջ, այլեւ՝ թուրք հասարակութեան մտայնութեան մէջ։
«Նախ եւ առաջ, մեր ելոյթներուն նկատմամբ պէտք է մենք՝ քաղաքական գործիչներս, ուշադիր ըլլանք: Երբ իշխանաւորները կ՛ըսեն՝ «Կը ներէք արտայայտութեանս համար, ինծի նաեւ հայ կոչած են», ապա պատկերացուցէք, թէ ի՛նչ պիտի մտածէ հասցէատէր զանգուածը», ըսած է ան։
Յիշեցնենք, թէ տխրահռչակ այդ արտայայտութիւնը կատարած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը՝ ըսելով. «Իմ մասիս ինչե՜ր ըսած են: Ըսած են, որ վրացի եմ: Աւելի տգեղ բաներ ալ ըսած են… կը ներէք արտայայտութեանս համար, սակայն ինծի նաեւ հա՛յ կոչած են»։