Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ.– Արհեստավարժ բռնցքամարտի կանանց թեթեւագոյն ծանրութեան դասակարգին մէջ աշխարհի ախոյեան Սիւզի Կենտիկեան կատարեց իր հերթական մենամարտը՝ պաշտպանելով տիտղոսը։
Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 10 ռաունտնոց մենամարտին, Գերմանիան ներկայացնող 28ամեայ Սիւզի Կենտիկեան յաղթեց խրուաթ Նեւենա Միքուլիչի։
Կենտիկեան իր 36րդ յաղթանակը նուաճեց արհեստավարժ ասպարէզին մէջ, որուն ընթացքին կրած է միայն 2 պարտութիւն։ Ան նախորդ մենամարտը կատարած էր 4 Հոկտեմբեր 2015ին՝ իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթելով մեքսիքացի Սուսանա Քրուզ Փերեսին։