Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու Թիմ Քէյն տարիներ շարունակ աջակցած է Ամերիկայի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն կողմէ հայկական հարցերու արծարծման ու լուծման: Ինչպէս կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պաշտօնական կայքը, Քէյն եղած է Ռիչմընտի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակից քաղաքապետ, իսկ այնուհետեւ եւս՝ Վըրճինիոյ նահանգապետ ընտրուելու առաջին իսկ օրերէն:
Քէյն Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ստացած է «C+» գնահատականը (լաւագոյնը՝ A, վատագոյնը՝ F), հայկական խնդիրներու նկատմամբ իր ուշադրութեան եւ աջակցութեան համար: 2014ին, ըլլալով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ՝ Քէյն փոփոխութիւններ առաջարկած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող 410 բանաձեւին մէջ եւ կողմ քուէարկած է այդ բանաձեւին:
«Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915ին հայերու դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը փա՛ստ է. ՄԱԿի մէջ մեր դեսպանը գիրք գրած է այս մասին: Մենք զինք հաստատած ենք այդ պաշտօնին վրայ՝ նշեալ հարցով իր ներգրաւուածութեան համար», նշած էր Քէյն:
Հայկական խնդիրներու վերաբերեալ աշխուժօրէն դիրքորոշումներ արտայայտած է նաեւ ԱՄՆ փոխնախագահի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Մայք Փենս: 2005ին, ըլլալով ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ՝ Փենս կողմ քուէարկած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 195 եւ 316 բանաձեւերուն, սակայն 2007 եւ 2010 թուականներուն դէմ քուէարկած է նմանատիպ բանաձեւերու: «Դէմ» քուէարկելը Մայք Փենս բացատրած է անով, որ ինք կասկածի տակ չի դներ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, սակայն կը կարծէ, որ այդ բանաձեւերուն ընդունումը կրնայ բացասաբար անդրադառնալ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ:
Այս տարի կայանալիք Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ, արդէն իսկ կայացած են երկու ամենամեծ կուսակցութիւններուն՝ Հանրապետական եւ Դեմոկրատական նախնական ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքներուն համաձայն թեկնածուներ առաջադրուած են Տանըլտ Թրամփն ու Հիլըրի Քլինթընը: Սակայն Ամերիկայի քաղաքացիները իրենց քուէն կու տան ոչ թէ մէկ թեկնածուի, այլ այսպէս կոչուած՝ «կուսակցական տոմս»ի (party ticket), որուն մէջ կը նշուին նախագահական եւ փոխնախագահական թեկնածուները: Անցած շաբաթներուն յայտնի դարձաւ, որ Թրամփ որպէս փոխնախագահի պաշտօնի թեկնածու առաջադրած է Ինտիանայի նահանգապետ Մայք Փենսը, իսկ Քլինթըն փոխնախագահի պաշտօնին համար Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու առաջադրած էր Վըրճինիայէն ընտրուած ծերակուտական Թիմ Քէյնը: