Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Թուրքիոյ մէջ ռազմական յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք ամբողջ երկրի տարածքին աշխատանքէ հեռացուած է 44 հազար 530 մարդ:

Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Ըստ գործակալութեան տուեալներուն` փոխադրամիջոցներու, ծովագնացութեան եւ կապի նախարարութենէն ու անոր կից կառոյցներէն հեռացուած է 529 մարդ, ազգային կրթութեան նախարարութենէն`21 հազար 738 մարդ, անտառային եւ ջրային հարցերով նախարարութենէն` 197 մարդ, տեղեկատուական արուեստագիտութեան խորհուրդէն` 170 մարդ, թրքական հանրային հեռուստաընկերութենէն` 300 մարդ, ռատիոյի եւ հեռուստաընկերութեան բարձրագոյն խորհուրդէն` 29 մարդ:

Աշխատանքէ հեռացումներ եղած են նաեւ այլ կառոյցներէ: