Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը, որ կը շարունակուի անվերջանալի վէպի մը նման, եւ որ ներկայիս մասնաւորաբար խոշորացոյցի տակ առած է այս սպանութեան պատասխանատու նկատուող ապահովութեան 35 պաշտօնեաներու եւ գաղտնի գործակալներու պարագան, վերջին նիստին ընթացքին լսեց ամբաստանեալներէն՝ այդ օրերուն Տրապիզոնի գաղտնի գործակալութեան ոստիկաններէն Մուհիտտին Զենիթի ինքնապաշտպանութիւնը։

Զենիթ այն գաղտնի ոստիկանն է, որ Տինքի սպանութենէն առաջ կրցած էր գիտնալ, թէ Տինք պիտի սպաննուէր, ու այդ մասին ալ տեղեկագիր մը պատրաստած էր։ Բայց Տինքի սպանութեան օրը, ան հեռաձայնով խօսած էր ամբաստանեալներէն՝ Էրհան Թունճելի հետ։ Զենիթ շատ քննադատուեցաւ այս գծով, սակայն պնդեց, որ Թունճելի հետ խօսած էր պարզապէս տեղեկութիւններ քաղելու համար։ Զենիթ դատական նիստին ընթացքին ներողութիւն խնդրեց Հրանդի այրիէն՝ Ռաքել Տինքէն։

Ան ըսաւ, որ իր տեղեկագիրին մէջ արդէն իսկ գրած էր, թէ Հրանդ պիտի սպաննուի. ատկէ աւելի ի՞նչ կրնար ընել, որպէսզի արգելք հանդիսանար սպանութեան։

Զենիթ, դատավարութեան վերջին նիստին ընթացքին, նաեւ դրուատանքի խօսքեր ըրաւ Հրանդ Տինքի մասին ու առաջարկեց, որ անպարտ արձակուի։

«Այս յայտարարութիւնները անհաւատալիօրէն զարմանալի, ինչպէս նաեւ՝ անհասկնալի են. անոնք ոչ միայն չեն մերկացներ սպանութեան ետին մնացած խորհուրդները, այլեւ՝ աւելիով կը կնճռոտեն, նորանոր հարցումներ կը ստեղծեն։ Մէկը ինչպէ՞ս օր- ցերեկով ու այդքան բանուկ հրապարակի մը վրայ կը սպաննուի, երբ ապահովութեան շրջանակներուն մէջ շատերը գիտէին, թէ այդ անձը պիտի սպաննուի», այս առթիւ կը գրէ «Մարմարա»։