Աղբիւր՝ www.yerkir.am

 

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրադ Փափազեանը հինգշաբթի՝ ապրիլի 7-ի երեկոյեան` Ֆրանսիայի ժամանակով 7:10-7:30-ին, Ադրբեջանի դեսպանի հետ բանավիճելու էր France24-ի ուղիղ եթերում, սակայն Ադրբեջանի դեսպանը վերջին պահին հրաժարուել է մասնակցել բանավէճին:

Ստորեւ` Մուրադ Փափազեանի յայտարարութիւնը.

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԲԱՆԱՎԷՃԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ

France24 պատկերասփիւռի կայանը ինծի տեղեկացուց, թէ Ազրպէյճանի դեսպանը կը մերժէ մասնակցիլ այսօրուան (Հինգշաբթի, 7 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:10է7:30 Ֆրանսայի ժամով) բանավէճին։ Այսմ վերաբերմունքով ան ցոյց կու տայ իր մտային անպատրաստուածութիւնը։ Մերժելով այս բանավէճի մասնակցութիւնը, ազերի դեսպանը ցոյց կու տայ, որ ինք կը վախնայ ժողովրդավար կարգերով բանավէճի մասնակցելէ։ Ես, մեծապէս կը դատապարտեմ այս վախկոտ քաղաքականութիւնը, այն միջոցին, երբ Ազրպէյճանի բանակը կը շարունակէ խախտել զինադուլը, որ յայտարարուած էր Երեքշաբթի, 5 Ապրիլին։

Յստակ է, որ այս բանավէճը մաս չի կազմեր Ազրպէյճանի մշակոյթին։

Ժամանակն է ամրապնդել մեր զօրահաւաքները. զօրահաւաքներ, որոնք տեղի պիտի ունենայ Փարիզի, Լիոնի, Մարսէյլի, Նիսի մէջ եւ ամենուրեք։

Շնորհակալութիւն այս ընթացքին մեզի զօրակցողներուն: