Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Սթամպուլի մէջ Ապրիլ 6-ին պիտի բացուի ցուցահանդէս, որ պիտի ներկայացնէ «թուրքերու եւ հայերու 800-ամեայ համատեղ մշակոյթը»:

Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «haberstar» լրատուական կայքը կը գրէ, որ ցուցահանդէսը կազմակերպած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Ոչ թէ մոռնալու, այլ յիշելու ժամանակը» խորագիրին տակ իրականացուելիք ցուցահանդէսին ժամանակ պիտի կը ներկայացուին 1895-1914թթ. տպագրուած եւ Սթամպուլի  ու Անատոլիոյ մէջ հայերու կենցաղը նկարագրող աւելի քան 4000 բացիկներ եւ Օսմանեան արխիւային փաստաթուղթեր: Բացիկները տրամադրուած են են Օրլանտօ Քարլօ Քալումենոյի կողմէ, որուն կը պատկանի օսմանեան բացիկներու ամենամեծ արխիւը:

Ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 6-ին Ճարտարապետ Սինանի անուան գեղարուեսի համալսարանին մէջ: Բացմանը ելոյթ պիտի ունենան Թուրքիոյ մէջ յայտնի հայ երաժիշտ Արա Տինքջեանը եւ Սթամպուլի թրքական պետական համոյթը: Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Ապրիլ 29: