Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
«Շաամ Թայմզ» կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը իր հակակշռին տակ առած է Հալէպի արեւելեան գիւղերուն մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանները, Պլաթ գիւղը եւ ժամեր առաջ յաջողած է ետ մղել ահաբեկչական խմբաւորումներն ու մուտք գործել Հալէպի արեւելեան գիւղերուն մէջ գտնուող ելեկտրակայանը։
Այս ելեկտրակայանը կը համարուի Սուրիոյ մեծագոյն ելեկտրակայանը, որ շուրջ մէկ ու կէս տարիէ ի վեր կանոնաւոր ձեւով չէր բաներ ՏԱՀԷՇ- ին կողմէ գրաւուած ըլլալուն բերումով։
Քուէրէս զինուորական օդակայանի ազատագրումէն ետք, այս յառաջընթացը սուրիական բանակի ռազմավարական երկրորդ կարեւոր ձեռբերումը կը համարուի Հալէպի արեւելեան գիւղերուն մէջ, կը գրէ «Գանձասար»-ը։