Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Շաբաթ, 9 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Դեսպան Ֆաթըհ Մուհամմատ Ալին: Դեսպանին կ’ընկերանային դեսպանատան քաղաքական գրասենեակին ղեկավարը եւ աշխատակազմի այլ դիւանագէտներ:   

Վեհափառ Հայրապետին եւ Դեսպանին խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց Միջին Արեւելքէն ներս վերջին շրջանի քաղաքական զարգացումները եւ Իրանի ու Սէուտական Արապիոյ միջեւ լարուածութիւնը: Դեսպանը Նորին Սրբութեան պարզեց տագնապին տուն տուող պատճառները եւ Իրանի կեցուածքը: Արամ Ա. Կաթողիկոս իր մտահոգութիւնը յայտնելէ ետք թելադրեց, որ կարելի փութով լուծում մը գտնուի այս տագնապին՝ շրջանը հեռու պահելու վտանգաւոր բեւեռացումներէ: Քննարկումի ընթացքին բնականաբար խօսուեցաւ Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուող հարցերու մասին:

Վերջապէս, անդրադարձ եղաւ Իրանի հայութեան եւ այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Իրանի հայութեան գծով պետութեան ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունեց Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան առիթով Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի տուած այցելութիւնը նահատակ իրանահայ զինուորներու ընտանիքներուն:

Աւարտին, Դեսպանը Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով իր բարեմաղթութիւնները կատարեց: