Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Յառաջիկայ Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 20-21ին, «Ոչնչացուած քաղաքակրթութիւն. Ոչ-իսլամներու ունեցուածքը՝ օսմանեան շրջանի վերջաւորութեան եւ հանրապետական շրջանի սկիզբը» խորագիրով գիտաժողով պիտի կայանայ Պոլսոյ մէջ:

«Ակօս» թերթը կը գրէ, թէ գիտաժողովը կը կազմակերպուի Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին, «Պողազիչի» համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ՝ «Սապանճը» եւ «Պիլկի» համալսարաններու համագործակցութեամբ: Գիտաժողովին պիտի մասնակցին Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն մասնագէտներ եւ մտաւորականներ: Անիկա պիտի իրականացուի երեք լեզուներով՝ հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն:

Քննարկուելիք նիւթերուն շարքին են՝ 1914-1924ի ոչ-իսլամ դրամատէրերուն եւ առեւտրականներուն վիճակը, 1915ին եւ անկէ ետք՝ ոչ-իսլամներու սեփականութեան բռնագրաւման եւ բաժանման գործընթացի քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական հետեւանքները, ոչ-իսլամներու կողմէ հիմնադրուած առեւտրական ձեռնարկութիւններու պատմութիւնը, ոչ-իսլամ ձեռնարկատէրերու կողմէ օսմանեան քաղաքներու մէջ իրագործուած բարեգործական նախաձեռնութիւնները, Անատոլիայէն դէպի մեծ քաղաքներ ձեռնարկատէրերու գաղթը, ոչ-իսլամ առեւտրականներու եւ կրօնական համայնքներու յարաբերութիւնները, եւ այլն: