Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Ներկայի Թուրքիոյ սահմաններէն ներս՝ հայոց միջնադարեան մայրաքաղաք Անիի աւերակներէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող հայկական Բագնայրի վանքն ու եկեղեցին տեղացիները իբրեւ ախոռ կը գործածեն։
Քրտական «DIHA» գործակալութեան թղթակիցը այցելած է Կարս նահանգի Գոզլուճա գիւղը գտնուող եւ կիսաւեր վիճակի հասած Բագնայր վանքն ու եկեղեցին, որ 989 թուականին կառուցուած է Վահրամ Պահլաւունիի կողմէ: Քիւրտ թղթակիցը զարմանքով յայտնած է, թէ վանքը պետական պահպանութեան տակ չէ առնուած տակաւին, մինչ գիւղացիները զայն իբրեւ ախոռ կը գործածեն։
Գիւղացիները նաեւ վանքի քարերը օգտագործած են իրենց տուները, ախոռներն ու ցանկապատերը կառուցելու համար:
Թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին, գիւղացիները փորձած են արդարանալ՝ ըսելով, որ եթէ պետութիւնը կարողութիւն չունի պահպանելու եկեղեցին, ապա իրենք ինչպէ՞ս պիտի կարենան պահպանել զայն:
Բագնայր կը նշանակէ «կրակին նուիրուած բագիններու քարայր»։ 1040ական թուականներուն, վանքը այդ շրջանի կրօնական կարեւոր կեդրոններէն մէկն էր, իսկ 13րդ դարուն անցաւ թուրք ցեղախումբերու ձեռքը ու ապա լքուեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին այդ վանքը սկսաւ քանդուելու։