Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Քոնկրեսականներ Ատամ Շիֆ եւ Տան Տոնովան 60 այլ քոնկրեսականներու հետ նամակ կը յղած են ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամային` կոչ ընելով անոր մարդասիրական արտօնութիւններ տրամադրելու այն ներգաղթեալներուն, որոնք արդէն ունին հաստատուած խնդրագիրներ եւ ընտանիք Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը գրէ Tert.am-ը՝ վայակոչելով Asbarez.com-ը:

Ծրագիրը արտակարգ օգնութիւն պիտի տրամադրէ աւելի քան 7.000 սուրիացի ընտանիքի կամ 20.000 մարդու, որոնք արդէն անցած են նախնական ստուգումները, բայց որոնց համար այժմ վիզա չկայ ` տարեկան թուային սահմանափակումներու պատճառով: Եթէ անոնց արտօնութիւններ տրամադրուին, այդ անձիք պիտի ենթարկուին անվտանգութեան խիստ ստուգումներու քանի մը լրացուցիչ քայլերու` մինչեւ երկիր մուտք գործել կարենալը:

Ինչպէս կը նշուի` ծրագիրը ամբողջական լուծում չէ Սուրիոյ մարդասիրական ճգնաժամի համար եւ պէտք չէ խանգարէ ԱՄՆ փախստականներու վերաբնակեցման ծրագրի անհրաժեշտ վերագնահատման, այնուամենայնիւ «այս փոքր, բայց կարեւոր քայլը կրնայ թոյլ տալ սուրիական հակամարտութեան անմեղ զոհերուն փախչիլ վտանգաւոր պայմաններէ, ինչպէս նաեւ` վերամիաւորել հազարաւոր ընտանիքներ»: