Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Պոլսահայ նշանաւոր լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին տեղեակ եղած եւ զայն չկանխած թուրք պետական ծառայողներու գործով քննութեան ընթացքին դատախազ Կէոքալփ Քէոքչուի կողմէ պատրաստուած մեղադրական եզրակացութիւնը ներկայացուած է Սթամպուլի գլխաւոր դատախազութիւն, ըստ Tert.am-ի` կը տեղեկացնէ «Ակօս»-ը:
Մեղադրական եզրակացութեան մէջ Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզութեան նախկին պետ Էնգին Տինչի, սպանութեան ժամանակաշրջանին Տրապիզոնի ոստիկանապետ Ռեշէթ Ալթայի եւ այդ ժամանակահատուածին Սթամպուլի ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժինի պետ Ահմեթ Իլհան Կիւլերի նկատմամբ կանխամտածուած սպանութեան աջակցութիւն ցուցաբերելու մեղադրանքով 20-25 տարուան ազատազրկում կը պահանջուի:
Ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժինի պետ Ռամազան Աքեուրէքի, բաժինի պետ Ալի Ֆուաթ Եըլմազերի համար դատախազը ցմահ ազատազրկում կը պահանջէ:
Սպանութեան տարուան Սթամպուլի ոստիկանապետ Ճերահեթթին Ճերրահը ու Հետախուզութեան պետ Սապրի Ուզուն դատարանի առջեւ կը կանգնին պաշտօնական դիրքի չարաշահման մեղադրանքով:
Մեղադրական եզրակացութեան մէջ Ռամազան Աքիւրեքի, Ալի Ֆուաթ Եըլմազերի, Էնգին Տինչի, Ահմեթ Իլհան Կիւլերի, Ռեշաթ Ալթայի հետ միասին ընդհանուր առմամբ 25 պաշտօնեաներու դատելու պահանջ կը ներկայացուի:
Հրանդ Տինք սպաննուած է 2007 թուականի Յունուար 19-ին: