Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Թրքական «Թարաֆ» թերթը, հիմնուելով Սերտար Քորուճուի մէկ թղթակցութեան վրայ՝ դիտել կու տայ, որ դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն առջեւ դարձեալ պիտի դրուին դասագիրքեր, որոնց մէջ ատելութիւն կը սերմանուի հայերու եւ յոյներու նկատմամբ եւ որոնց մէջ այս երկու ժողովուրդները դաւաճան կը հռչակուին։ Աւելին, անոնց մէջ կը ժխտուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու կը պնդուի, թէ հայերը տեղահանուեցան իրենց իսկ ապահովութեան համար, եւ պարզապէս փոքր թիւով հայեր մեռան տեղափոխութեան դժուարութիւններէն ու հիւանդութիւններէ։

Փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ատելավառ տողեր կան 8րդ դասարանին համար պատրաստուած պատմութեան դասագիրքին մէջ, որ հինգ տարի պիտի դասաւանդուի դպրոցներու մէջ։ Այստեղ կը պնդուի, որ հայերն ու յոյները իրենց պետութիւնները հիմնելու նպատակով՝ շարժման անցան թուրքերու դէմ։ Կովկասեան ճակատին վրայ, հայերը իբր թէ կռնակէն զարկին Էնվերի բանակին։ Հայերը սպանդներ իրագործեցին, այս պատճառով ալ անոնցմէ շատերը ուղարկուեցան դէպի ապահով շրջաններ։

Ասոնցմէ աւելի ծանր արտայայտութիւններ կան 10րդ դասարանին համար պատրաստուած դասագիրքին մէջ։ Հոն կ՛ըսուի, թէ հայերը մեծ առիթ նկատեցին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը մտաւ Ա. Աշխարհամարտ։ Գիրքի 210րդ էջին վրայ հայերը ցոյց կը տրուին որպէս սպանդներ կատարած կողմ։ Կը պնդուի, թէ հայկական հրոսախումբերը կը սպաննէին նաեւ այն հայերը, որոնք չէին մասնակցեր իրենց «ահաբեկչական արարքներ»ուն։