Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Յանուն միջազգային խաղաղութեան «Քարնեկի» հիմնադրամի վերլուծաբան Թոմաս տէ Վաալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսելու հետաքրքրութիւն չի տեսներ: Հոկտեմբեր 2-ին ԼՂ հակամարտութեան գօտին մէջ իրավիճակի սրման թեմայով կազմակերպուած քննարկման ժամանակ Թոմաս տէ Վաալ միացած էր տեսակամուրջի միջոցով: Ան  ընդգծած է, որ հայկական կողմի համար պատերազմը ձեռնտու չէ, քանի որ իրավիճակը ի անոր օգտին է, իսկ Ատրպէյճանի համար պատերազմը մեծ վտանգ է, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը

«Յայտնի չէ, թէ ինչով կ’աւարտի պատերազմը Ատրպէյճանի համար: Ատիկա առաջին հերթին մեծ վտանգ է Ատրպէյճանի մէջ  գործող վարչակարգին համար: Անոնք  այդպիսի ռազմական  կորողութիւն չունին,  որպէսզի  լայնածաւալ ռազմական  գործողութիւններ սկսին: Միեւնոյն ժամանակ, յայտնի չէ, թէ ինչպէս կ’արձագանգէ Ռուսիան, եթէ Ատրպէյճան պատերազմ սկսի»,- ըսած է ան:

Թոմաս տէ Վաալ ընդգծած է, որ հակառակ ատոր` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը աւելի սրուած է, քանի որ յատկապէս ատրպէյճանական կողմը շփման գիծին վրայ սկսած է մեծցնել զինատեսակներու տրամաչափը, ինչ որ շատ վատ է: «Ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը կրնայ աւելի աճել, որ կը յանգեցնէ տասնեակ զոհերու: Սա կրնայ լուրջ հարուած ըլլալ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին»,- ըսած է վերլուծաբանը:

Ան ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը կը շարունակէ աշխատիլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ անոր հիմնական առաջադրանքը դարձած է կարգավիճակի պահպանումը, բանակցող կողմերու նախագահներուն` տարեկան գոնէ մէկ անգամ հանդիպման ապահովումը իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու համար:

«Սա Մինսկի խումբի նուազագոյն առաջադրանքն է, իսկ առաւելագոյն առաջադրանքը, ի հարկէ, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնիլն է: Սակայն անհասկանալի է, թէ ինչպէս կարելի է հասնիլ խաղաղ կարգաւորման: Տեսէք Ուքրանիոյ օրինակը. բոլորը կը ցանկան, որպէսզի այնտեղ խաղաղութիւն հաստատուի, սակայն իրարու նկատմամբ անվստահութիւնը եւ առկայ հակասութիւնները թոյլ չեն տար ատոր հասնելու: Նոյն իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ է: Իրավիճակն իսկապէս շատ վտանգաւոր է, սակայն ամենամեծ վտանգը կրնայ թեթեւ սխալի մը պատճառով շփման գիծին վրայ լարուածութեան աննախադէպ աճը վերածուիլ»,- եզրափակած է տէ Վաալ:

Սեպտեմբերին ատրպէյճանական կողմը լարուածութիւն հրահրած էր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի երկայքնով` գնդակոծութեան թիրախի մէջ պահելով նաեւ ՀՀ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ բնակավայրերը: Հայկական գիւղերը նիւթական լուրջ վնասներ կրած են,դպրոցներու մէջ դասերը ընդհատուած էին, դաշտերու մէջ որոշ ժամանակով անվտանգութեան նկատառումներով կանգ առած էր գիւղատնտեսական աշխատանքը: Ատրպէյճանական կրակահերթերէ վիրաւորուած են ինչպէս զինծառայողներ, այնպէս ալ խաղաղ բնակիչներ, իսկ Բերդաւան եւ Պառաւաքար գիւղերուն մէջ երեք քաղաքացի սպաննուած է: