Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Թրքական այսպէս կոչուած “Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ միաւորում” կազմակերպութիւնը արշաւ սկսած է Թուզլուջայի մէջ փակցուած հայատառ գրութեամբ ցուցանակը հանելու համար, ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ թրքական “Սոնդաքիքա” լրատուական կայքը:
Կազմակերպութեան նախագահ Գէոքսէք Կիւլպէյը պահանջած է հեռացնել Թուրքիոյ Իգդիր նահանգի համանուն գաւառի կեդրոն հանդիսացող Թուզլուջա (պատմ. Կողբ) քաղաքի մուտքին ու ելքին փակցուած ցուցանակներու հայատառ գրութիւնը` պնդելով, թէ իբր 1915-20 թուականներուն Թուզլուջայի մէջ հայերու կողմէն մահմետականներ սպաննուած են, ուստի հայատառ գրութիւնը նպատակայարմար չէ:
Կիւլպէյը յայտարարած է, որ իրենք կը պատրաստուին պայքարը տեղափոխել իրաւական դաշտ եւ այս հարցով պիտի դիմեն կառավարութիւն ու Իգդիրի նահանգապետարան:
Նշենք, որ օրերս Թուզլուջա (պատմ. Կողբ) քաղաքի մուտքին ու ելքին թրքերէն, քրտերէն, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով “Բարի եկաք” եւ “Ցտեսութիւն” գրութեամբ ցուցանակներ ամրացուած են:
Ըստ թրքական «beyazgazete.comէ լրատուական կայքին` Կողբի համաքաղաքապետ Մեհմեթ Գիւլթեքին խնդիրին մասին խօսելով՝ յատուկ անդրադարձած է ցուցատախտակի վրայ տեղ գտած նաեւ հայերէն գրութեան: Վերջինս, նշելով, որ Կողբը Հայաստանի հետ սահմանակից գաւառ է, աւելցուցնելով, որ այստեղ անցեալին հայեր ապրած են ու դեռ շատ վայրերու անուններ կ’անուանուին հայկական տարբերակներով: