Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

«Սի.Էն.Էս.» կայքը կը հաղորդէ, որ քոնկրեսականներ Աննա Էշու, Ճեֆ Ֆորթենպերի եւ չորս այլ քոնկրեսականներ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած են բանաձեւ մը՝ պահանջելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններուն դէմ «Իսլամական պետութեան» կողմէ գործուող արարքները ցեղասպանութիւն կոչել:

«Բանաձեւի նախագիծը կոչ կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն անուանելու: Ցեղասպանութիւն, որովհետեւ քրիստոնէական հնադարեան համայնքները իսկապէս կ՛ոչնչացուին. այնտեղ կան մեծ թիւով այլ հաւատացեալներ՝ կրօնական տարբեր շերտերէ, որոնք եւս կը տուժեն միւսներուն հետ», նշած է Էշու՝ ընդգծելով, որ ժամանակն է իրերը իրենց անուններով կոչելու:

Քոնկրեսական Ֆորթենպերի իր կարգին նշած է, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները ներկայիս ցրուած են ամբողջ շրջանին մէջ: «Հնադարեան հաւատքը կոտրուած է, ծեծուած է, կը մահանայ… Ասիկա ցեղասպանութի՛ւն է: Միջազգային ընտանիքը պէտք է վերջ տայ այս իրավիճակին վերաբերեալ գայթակղութիւն եղող լռութեան: Քրիստոնեաները, եզիտիներն ու միւս կրօնական փոքրամասնութիւնները ունին բոլոր իրաւունքները՝ մնալու իրենց հնադարեան հայրենիքին մէջ», նշած է ան: