Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Այս օրերուն Ուաշինկթընի մէջ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ տեղի ունեցող համագումարի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիին ղրկած նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

«Միջին Արեւելքը ոչ միայն քրիստոնէութեան ծննդավայր եղած է, այլ նաեւ քրիստոնէական աշխարհի կարեւոր իրագործումները կատարուած են շրջանէն ներս եւ, հետեւաբար, Միջին Արեւելքի պատմութիւնը կարելի չէ հասկնալ առանց քրիստոնէութեան, որ առանցքային դեր ունեցած է ընկերութեան կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս։ Քրիստոնէութիւնը նաեւ դարեր շարունակ գոյակցած է իսլամութեան հետ։ Այսօր, փաստօրէն քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը վտանգուած է շրջանէն ներս հետզհետէ ծաւալող ծայրայեղական շարժումներու հետեւանքով»։

Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը կը շեշտէ.- «Եթէ ծայրայեղական շարժումներուն առաջքը շուտով չառնուի, ոչ միայն Միջին Արեւելքը, այլ նաեւ ողջ աշխարհը այս կամ այն կերպով կրնայ կրել ծանր հետեւանքները կրօնական ծայրայեղական գաղափարախօսութիւններուն։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է միջազգային ճիգերով համապարփակ քաղաքականութիւն մը որդեգրել ծայրայեղական ու ահաբեկչական շարժումներուն նկատմամբ, առաջքը առնելու համար անոնց քանդիչ հետեւանքներուն»։

Անդրադառնալով քրիստոնէական ներկայութեան մասին՝ Նորին Սրբութիւնը կը շարունակէ.- «Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական համայնքներու վերակազմակերպումը եւ ամուր պահպանումը պէտք է նաեւ իսլամութեան համար դառնան առաջնահերթ խնդիր։ Որովհետեւ, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքին իւրայատուկ ինքնութիւնը կազմող կարեւոր ազդակներէն մէկն է։ Հետեւաբար, շրջանէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան պաշտպանութիւնը եւ պահպանումը, Միջին Արեւելքի իսլամ պետութիւններու համար պէտք է դառնան առաջնահերթ մտահոգութիւն։ Այս հարցը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հիմնական հարցերէն մէկը պէտք է ըլլայ»՝ կ’եզրակացնէ Վեհափառ Հայրապետը։

«Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան պաշտպանութեան ի խնդիր» կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ։ Յիշեալ կազմակերպութիւնը անցեալ Սեպտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպած էր նմանօրինակ համագումար մը, որուն գլխաւոր խօսողներէն եղած էր Վեհափառ Հայրապետը։ Կազմակերպութեան պատասխանատուները մնայուն կապի մէջ են Վեհափառ Հայրապետին հետ։

Յայտնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նոյն կազմակերպութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին։