Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի 5 սեպտեմբերին լրագրողներուն յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած երկօրեայ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ տիրող կացութիւնը:

Ան նշած է, որ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են արեւելեան գործընկերներու հետ յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար Պիելոռուսիոյ մէջ 22 օգոստոսին շարք մը բանտարկեալներու ազատ արձակման, Վրաստանի եւ Մոլտովայի մէջ ծաւալող զարգացումներուն առնչուող հարցերը: «Ուշադրութիւն դարձուցած ենք նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն», յայտարարած է Մոկերինի` չյստակացնելով, թէ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները Հայաստանին կամ Ազրպէյճանին վերաբերող յատկապէս ո՛ր հարցերը քննարկած են: