Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Տոքթ. Սուզեն Թոփալեան վերջերս արժանացած է Տէյվիտ Քարնոֆսքիի անուան մրցանակին, որ կը շնորհուի քաղցկեղի բացայայտման եւ դարմանումի մարզին մէջ յատկանշական ներդրումներ ունեցող գիտնականներուն։ Այս մասին կը յայտնէ «Հորիզոն»-ը:
Տոքթ. Թոփալեանի գիւտը կ'առնչուի յատկապէս յառաջացած քաղցկեղի պարագաներուն։ Ան յայտնած է, թէ իրեն համար մեծ պատիւ է քաղցկեղի դէմ պայքարին մէջ յատկանշական իրագործումներու հասած Տէյվիտ Քարնոֆսքիի յիշատակին հաստատուած այս մրցանակը ստանալը։ Տոքթ. Թոփալեան կը պաշտօնավարէ «Ճանզ Հափքինզ» համալսարանի բժշկական մասնաճիւղին ու «Սիտնի Քիմըլ» քաղցկեղի կեդրոնին մէջ։ Ան բժշկական վկայականը ստացած է «Թաֆց» համալսարանէն ու անկէ ետք նուիրուած է քաղցկեղի դէմ պայքարին, վիրաբուժական եւ ուսումնասիրական սպասարկութիւններ մատուցելով «Թամըս Ճեֆըրսըն» համալսարանի եւ Ֆիլատելֆիոյ Երեխաներու հիւնադանոցներուն մէջ։
Ան աշխատած է նաեւ Քաղցկեղի ազգային հիմնարկին մէջ ու ապա հաստատած իր տարրալուծարանը, ուր իր գործակիցներուն հետ կատարած է քաղցկեղի որոշ բջիջները չէզոքացնող գիւտը։