Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Պաքուի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական խաղերու առաջին օրը Ռուսիան ներկայացնող յունահռոմէական 59 քկ. ծանրութեան դասակարգէն ըմբիշ Ստեփան Մարեանեան ոսկի մետալի տիրացաւ։

Եզրափակիչ հանգրուանին ան մրցեցաւ պելոռուս Սոսլան Տաուրովի դէմ՝ 3-0 արդիւնքով առաւելութեան հասելով:

Մինչ այդ, կիսաեզրափակիչ հանգրուանին Մարեանեան պարտութեան մատնած էր ատրպէյճանցի Էլմար Մուխտարովը, անկէ առաջ ալ Հայաստանը ներկայացնող Ռոման Ամոյեանը:

Վերջինը պրոնզէ մետալի համար մրցումին պարտութիւն կրեց ատրպէյճանցի Մուխտարովէն: