Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Քոփենհակընի համալսարանին մէջ ուսումնասիրուած են 101 հնագոյն ծննդական նմուշներ Եւրասիայի տարբեր շրջաններէն:
Ըստ armradio.am-ի` ուսումնասիրութեան մէջ առաջին անգամ տեղ գտած են Հայաստանի պրոնզէ եւ երգկաթէ դարերու տարբեր հնավայրերու մէջ պեղուած մարդոց ծննդական տուեալները: Ուսումնասիրութեան նպատակը պրոնզէ դարուն Եւրասիայի բնակչութեան ծննդական նկարագրի վերհանումն էր: Ի՞նչ պարզուած է մասնագէտներու քանակի, տարածքի եւ նիւթերու ընդգրկման տեսակէտէն՝ նախադէպը չունեցող գիտահետազօտական ծրագիրի իրականացման իբրեւ արդիւնք:
Կը ներկայացնէ հետազօտական աշխատանքներու անմիջական մասնակից, ԳԱԱ Մոլեքիւլային կենսաբանութեան ուսումնարանի ցեղա-ծննդական տարրալուծարանի վարիչ, կենսաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսըր Լեւոն Եպիսկոպոսեանը.
«ՀՀ -ի ներկայ տարածքում յայտանաբերուած պրոնզեդարեան նիւթերն ունեն նոյն ծննդական պատկերը, ինչ ունենք այսօր: Այսինքն` հազարամեակներ շարունակ այս տարածքի վրայ ապրել ու այսօր էլ շարունակում է ապրել մարդաբանական նոյն տեսակը»: Ի դէպ, տարածաշրջանի երկիրներէն այս հետազօտութեան մասնակցած է միայն Հայաստանը: Ինչու, ըստ Եպիսկոպոսեանի, որովհետեւ չունինք խնդիր եւ բարդոյթ: Համագործակցութեան առաջարկը մեր արեւելեան հարեւանը մերժած է` պատճառաբանութեամբ, թէ Ատրպէյճանի մէջ այսօր կ'իրականացուի ցեղական ամրապնդման քաղաքականութիւն եւ նման հետազօտութիւններով չեն ուզեր խտրականութիւն մտցնել կամ անջրպետ յառաջացնել ցեղական խումբերու միջեւ: