Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ռազմավարական հարցերով գլխաւոր խորհրդական Մերի Հարֆ Յունիս 5ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ հայերու եւ ամերիկեան թերթերու նկատմամբ հնչեցուցած քննադատութիւններուն, զանոնք անընդունելի որակելով:

«Ամերիկա միշտ կը պաշտպանէ խօսքի ազատութիւնը: Մենք մտահոգուած ենք խօսքի ազատութեան ոլորտէն ներս Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուող միջամտութիւններով: Կոչ կ'ընենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ իրենց գործողութիւնները համապատասխանեցնեն ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն՝ ապահովելով արդարադատութեան անկախութիւն, խօսքի ազատութիւն եւ լրատուական ազատութիւն», նշած է Հարֆ:

Լրագրողի մը այն հարցումին, թէ «կը քննադատէ՞ք հայերու եւ լրագրողներու հասցէին Էրտողանի կատարած քննադատական յայտարարութիւնները»՝ Հարֆ ըսած է. «Անկասկած»: