Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

«Արմինիըն Ուիքլի»ի կայքը կը գրէ, որ թրքական հետախուզութիւն մը միայն փոքր շրջանի մը մէջ 1600 հայ ընտանիք յայտնաբերած էր:

Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերու խնդիրը բարդ է այնքանով, որ բազմաթիւ ընտանիքներ իրենք զիրենք կը համարեն թուրք կամ քիւրտ, հանգիստ կ՛ապրին առանց ազգային ինքնութեան վերանայման անհրաժեշտութեան, բնաւ չկասկածելով, որ պետութեան գաղտնի ծրարներուն մէջ իրենք հայ կը համարուին:

Մամուլին կողմէ պատշաճ արձագանգ չգտաւ 2011ի մէկ իրադարձութիւնը, որ կրնար լուրջ ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիոյ տարածքին իսլամացուած հայերու խնդիրին վրայ: Եւ այսօր աւելի քան տեղին է անդրադառնալ այդ իրադարձութեան: Յիշեցնենք դատավարութիւնը:

2011ի Սեպտեմբերին, Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 16րդ դատարանին մէջ քննուող «Օտա Թի.Վի.» կայանի հարցով մեղադրանք ներկայացուած էր լրագրող Սեներ Եալչընին, որովհետեւ անոր թրքական զինուած ուժերու եւ թրքական հետախուզութեան ծառայութեան գաղտնի գործակալ Քաշիֆ Քոզինօղլուի կողմէ գաղտնի բովանդակութեամբ 17 փաստաթուղթեր յանձնուած էին: Մեզ հետաքրքրողը ոչ այնքան լրագրողի դատավարութիւնն ու Թուրքիոյ պետական գաղտնի փաստաթուղթերու պատկերասփիւռի կայանի յանձնման փաստն է, որքան իսլամացուած եւ իրենց արմատներուն անտեղեակ 1600 հայ ընտանիքներու ցուցակն է, որ բաղկացած է 84 էջէ: Այս կը նշանակէ, որ թրքական հետախուզութեան ծառայութիւնը (MIT) երկար տարիներէ ի վեր յատուկ ուսումնասիրութիւն կատարած է Թուրքիոյ յատկապէս հարաւ-արեւելեան մարզերուն մէջ եւ մասնագիտութեան բնորոշ ջանասիրութեամբ եւ ճշգրտութեամբ հաշուած է հայ ընտանիքներու թուաքանակը:

Սակայն պէտք է աւելցնել, որ այս տուեալները կը վերաբերին միայն Տիգրանակերտի Լիճէ շրջանին: Այսինքն, փոքրիկ շրջանի մը մէջ թրքական պետական գաղտնի սպասարկութիւնները հաշուած են 1600 հայ ընտանիք:

Եթէ հաշուի առնենք, որ Տիգրանակերտի շրջանին մէջ կան 14 շրջաններ, ապա մինչեւ օրս մեր պատկերացումները թաքուն եւ իսլամացած հայերու մասին Թուրքիոյ տարածքին մէջ պէտք է փոփոխութիւններու ենթարկուին: Լիճէ շրջանը Տիգրանակերտի մարզի ամէնէն փոքր շրջաններէն մէկն է: