Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Տիգրանակերտի Քայանփընար շրջանին մէջ նոր կառուցուող զբօսայգի մը պիտի կոչուի Պոլսոյ մէջ սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքի անունով:

Թրքական «Հապեր 7» լրատուակայքին համաձայն՝ որոշումը կայացուած է Քայանփընարի համայնքային խորհուրդին կողմէ:

Շրջանի ղեկավար Ալի Այտըն ըսած է, որ անուանակոչումին նպատակն է ապրեցնել ազատութեանց պաշտպանութեան ճամբուն վրայ զոհուած Տինքի պայքարը: Ըստ անոր՝ զբօսայգիի բացումին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ զոհուած լրագրողին ընտանիքը:

Հրանդ Տինքի անունը կրող զբօսայգիին տարածքը 24 հազար քառակուսի մեթր է: