Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Ա.Մ.Ն. Քոնգրէսի Հայկական հարցի յանձնախումբը ջանքեր կը գործադրէ դադրեցնելու Ատրպէյճանին տրուող ֆինանսաւորումն ու ռազմական աջակցութիւնը:

Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ին տրուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է քոնկրէսական Ֆրանք Փալոնը: «Այս ժամանակահատուածին, երբ կ՛ընդունուին պիւտճէի օրինագիծերը, մենք կը փորձենք հասնիլ Ա.Մ.Ն.-ի կողմէ Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղին, աւելի մեծ օգնութեան տրամադրման: Մենք մտահոգուած ենք, որ որեւէ ռազմական աջակցութիւն Ատրպէյճանին կրնայ ուղղուիլ Հայաստանի դէմ, քանի որ Ատրպէյճանը մշտապէս կը սպառնայ գրոհել Հայաստանը, ուստի մենք կը կարծենք, որ Ա.Մ.Ն.-ը պէտք չէ աջակցի Ատրպէյճանին», – նշած է Ֆրանք Փալոնը:

Քոնկրէսականին խօսքով` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ հրադադարի համաձայնագրի առկայութեան պայմաններուն մէջ ատրպէյճանական ուժերը յաճախ կը հատեն բաժանարար գիծը եւ բախումներ կը հրահրեն: «Մենք կը ցանկանանք նպաստել կողմերուն միջեւ փոխվստահութեան հաստատուման ու մեծացման եւ ճակատագիծին վրայ լարուածութեան թուլացման, որպէսզի վստահութիւն ունենանք, որ նման գործելակերպ այլեւս չշարունակուի: Միայն այդ պայմաններու մէջ մենք կը տեսնենք կարգաւորման հեռանկարներ», – նշած է Փալոնը:

Հայկական հարցի յանձնախումբի համանախագահը յոյս յայտնած է, որ Մինսկի խումբի միջոցով Ղարաբաղը հնարաւորութիւն պիտի ստանայ անկախանալու կամ դառնալու Հայաստանի մէկ մաս: Այդ նպատակով Քոնկրէսի Հայկական հարցերու յանձնախումբը Ղարաբաղի անկախութեան օրը սովորաբար ձեռնարկներ կը ձեռնարկէ` ուղղուած Ղարաբաղի ճանաչման` որպէս անկախ ինքնիշխան պետութիւն: