Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

«Սի.Այ.Էյ.»-ի ղեկավար Ճէյմս Քլափըր յայտարարեց, որ «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը Թուրքիոյ համար առաջնահերթութիւն մը չէ, ինչ որ կը դիւրացնէ օտար զինեալներու թրքական հողերուն ճամբով Սուրիա մուտք գործելը»` աւելցնելով. «Թուրքիա այդ խմբաւորման դէմ պատերազմին մէջ իր մասնակցութեան տարողութիւնը բարձրացնելէն այլ առաջնահերթութիւններ ու շահեր ունի»:

Քլափըր նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ կատարուած հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ ՏԱՀԵՇ գլխաւոր սպառնալիք մը չի նկատուիր, եւ Թուրքիոյ քաղաքացիները աւելի մտահոգուած են տնտեսութեամբ եւ քրտական անջատողական ձգտումներով: