Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գործող Միջին Արեւելքի ճարտարագիտական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ այսօր կը կայանայ ձեռնարկ նուիրուած «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքին: Ըստ «Արմէնփրես»-ի «Ակօս»-ի աշխատակից Բագրատ Էստուկեանը յայտնեց, որ ձենարկի աւարտին համալսարանին մէջ կը կայանայ ասուլիս, որուն ընթացքին կը ներկայացուի Հրանդ Տինքի գործունէութիւնը, ներդրումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին:

 «Նմանատիպ ձեռնարկներ պիտի կայանան Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ: Շաբաթ օր տեղի պիտի ունենայ Տինքի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ Տիրապեքիրի մէջ: Յաջորդ շաբաթ կը նախատեսին ձեռնարկներ Իզմիրի, Սթամպուլի, Պուրսայի եւ Թուրքիոյ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ»,- ըսած է Էստուկեանը:

Յունուար 19-ին «Ակօս»-ի խմբագրատան առջեւ պիտի կազմակերպուի հանրահաւաք, որուն պիտի յաջորդէ աւանդական երթը:

Հրանդ Տինքը թրքական ազգայնական շրջանակներուն կողմէ սպաննուած է 2007 թուականի Յունուար 19-ին «Ակօս»-ի խմբագրատան առաջ: