Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

2015-ին Ատրպէյճանը պիտի փորձէ փոխել Լեռնային Ղարաբաղի հարցով գոյավիճակը (սթաթուս քուոն)` առաջին գիծին վրայ ռազմական առաւել մեծ աշխուժութիւն դրսեւորելով: Այնուհանդերձ, քիչ հաւանական է, որ սահմանային լարուածութիւնը վերաճի լայն տարողութեամբ ռազմական գործողութիւններու, ըստ “Ազատութիւն” ձայնասփիւռի կայանին՝ կանխատեսած են ամերիկեան Stratfor հետազօտական կեդրոնի փորձագէտները:

Անոնք կը նկատեն, որ առաւելապէս կեդրոնացած ըլլալով ներքին եւ տնտեսական հարցերու վրայ` Ռուսիան ալ դժուար թէ խառնուի հակամարտութեան: Այնուամենայնիւ, ըստ ԱՄՆ-ի մէջ գործող կեդրոնի կանխատեսման, Ուքրանիոյ հարցով Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի հակասութիւնները այս տարի պիտի շարունակին տարածուիլ նախկին սովետմիութեան երկիրներուն վրայ:

Հակադրուելով Ուքրանիոյ, Մոլտովայի եւ Վրաստանի ջանքերուն` առաւել մօտենալու Արեւմուտքին, Ռուսիան Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախիստանի ու Խրխզիստանի հետ նախաձեռնեց Եւրասիական տնտեսական միութիւնը: Միութիւնը պիտի աւելցնէ Ռուսիոյ հետ անդամ երկիրներու տնտեսական ու անվտանգութեան ոլորտներու մէջ ընդելուզումը, բայց եւ առեւտուրի, դրամական փոխանցումներու հարցով Ռուսաստանէն կախեալութիւն ունեցող Եւրասիական միութեան անդամ երկիրները իրենց վրայ անկասկած պիտի զգան ռուսական տնտեսական ճգնաժամը: Այս տնտեսական թուլացումը, Stratfor-ի հրապարակած զեկոյցին համաձայն, շատ հնարաւոր է, որ ընկերային խռովութիւններու, բողոքի ցոյցերու առիթ դառնայ:

Stratfor-ը 2015-ին Ռուսիոյ տնտեսութեան առողջացում չի կանխատեսեր: “Ռուսիոյ տնտեսութեան անկումը այս տարի ալ պիտի շարունակուի, բայց 1998-ի ճգնաժամին չի հասնիր”, – ըսուած է զեկոյցին մէջ: “Ռուսիան այլ երկիրներէն աւելի լաւ կրնայ տանիլ “տնտեսական ցաւերը”, բայց ուժանիւթ ստացող երկիրներէն ստացուող եկամուտներու խիստ կրճատում, գումարած պատժամիջոցներ` նոյնիսկ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի համար շատ են”, – կը կարծեն կեդրոնի փորձագէտները: Ուստի եւրոպացիներուն հետ պատժամիջոցներու թուլացման հարցը կարգաւորելու համար Քրեմլը պիտի  շարունակէ օգտագործել ուժանիւթ ստացոններու հարցը: Այնուհանդերձ, Ամերիկան այդքան շուտ չի յանձնուիր, պիտի շարունակէ ռազմական յարաբերութիւններ զարգացնել նախկին սովետմիութեան երկիրներու հետ: Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան աճ, սակայն,  Stratfor-ը չի կանխատեր:

Տարին անյաջողութիւններով սկսած Ռուսիան, ըստ արեւմտեան վերլուծաբաններու, իր ուշադրութիւնը այս տարի առաւելապէս ներքին խնդիրներու վրայ պիտի սեւեռէ` խուսափելով Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ արեւմտեան ազդեցութեան տակ յայտնուած Մոլտովայի եւ Վրաստանի նկատմամբ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններէ: Բայց ճնշումներն ալ պիտի չդադարեցնէ` օգտագործելով իր ռազմական ներկայութիւնը անջատողական տարածքներու մէջ, տարաբնոյթ բողոքի ցոյցերը, ինչպէս նաեւ` ընդդիմադիր խումբերուն:

Եւրոպական պատժամիջոցներու երկարաձգումը, որ Եւրամիութեան անդամ 28 երկիրներու հաստատումը կը պահանջէ, Stratfor-ը քիչ հաւանական կը համարէ:

Ուքրանիայով տարանցման հարցը շրջանցելու համար թէ՛ ռուսերը եւ թէ՛ եւրոպացիները ուժանիւթի այլընտրանքային ծրագիրեր պիտի որոնեն: Stratfor-ի կարծիքով` Ռուսիան առաւել պիտի ամրապնդէ ուժանիւթի վերաբերող յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, Եւրոպան պիտի սիրաշահի Ատրպէյճանը եւ Թուքմենիստանը` Հարաւային միջանցքի ծրագիրներուն մասնակից դարձնելու համար:

Stratfor-ի կանխատեսմամբ` թէեւ Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան շարք մը հարցերու շուրջ միեւնոյն շահերը ունին, 2015-ին անոնց համագործակցութիւնը լարուած պիտի մնայ: Ռուսիոյ սանձահարելու ԱՄՆ-ի ջանքերէն Թուրքիան հեռու պիտի մնայ` նախընտրելով պահպանել Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ հաւասարակշռութիւնը: