Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

«Թարաֆ» թերթի յունուար 4-ի թիւին մէջ, ծանօթ պատմաբան Թաներ Աքչամ դարձեալ հրատարակած է շատ հետաքրքրական յօդուած մը, ուր ան կը յիշեցնէ, թէ Սարըգամիշի նշանաւոր պատերազմին ընթացքին հայ զինուորներ ալ կռուած էին օսմանցի զինուորներու կողքին եւ անոնք եւս տառապած էին Սարըգամիշի աղէտէն:

«Այս օրերուն, երբ հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Սարըգամիշի մէջ սառած եւ նահատակուած 90 հազար օսմանեան զինուորներու յիշատակը, անոնց կողքին պէտք է խոնարհիլ նաեւ այն հայ կամ քրիստոնեայ զինուորներու յիշատակին առջեւ, որոնք նոյնպէս կը կռուէին որպէս օսմանեան բանակի զինուոր», կ’ըսէ Աքչամ:

Ան այս բոլորը կը հիմնէ 1922-ին Փարիզի մէջ հրատարակուած հայերէն գիրքի մը վրայ, որուն անունն է «Ձայն Տառապելոց»: Հեղինակն է Պ. Տօնապետեան: Իրականութեան մէջ գիրքը 1915էն վերապրած հայերու կողմէ գրուած տառապալից նամակներու հաւաքածոյ մըն է: Հարիւրաւոր անձեր իրենց նամակներուն մէջ կը պատմեն, թէ ի՞նչ տառապանքներ ապրած են: Նամակները գրուած են 1916-1919 թուականներուն միջեւ:

Թաներ Աքչամ սապէս կը շարունակէ.

«Այս նամակներուն մէջ ինչեր չկան որ... Հոն կը կարդացուի, թէ ինչպէ՞ս նոյն գիւղին բնակիչները իրենց դրացիներուն կողմէ սպանդի ենթարկուած են: Բայց կը պատմուի նաեւ այն բարի մահմետականներուն մասին, որոնք օգնեցին հայերուն: Ամէն ինչ կայ այս նամակներուն մէջ: Բայց այս նամակներուն մէջ կան նաեւ Սիպերիայէն ղրկուած նամակներ, որոնք նոր էջ մը կը բանան Սարըգամիշի աղէտին մասին: Այս նամակներէն մէկը գրուած է Յովսէփ Սէյիսեան անուն մէկու մը կողմէ, որ Սարըգամիշի մէջ գերի ինկած է ռուսերու ձեռքը եւ որ կը նշէ, թէ միայն Սիպերիոյ մէջ, իր ապրած շրջանակէն ներս, 129 հայ զինուորներ գերեվարուած են իրեն պէս»:

Աքչամ կ’ըսէ՝ եթէ պիտի յիշատակենք Սարըգամիշի մէջ պատերազմած զինուորները, ասիկա պէտք է ընենք այդ շրջանին նահատակուած քրիստոնեայ, մահմետական կամ բոլոր զինուորներու եւ ամբողջ օսմանեան քաղաքացիներու անունով: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ ռուս զինուորները, որոնք նմանապէս իրենց կեանքը կորսնցուցին: Այս պատերազմները պէտք չէ դիտուին որպէս մէկու յաղթանակը կամ միւսին պարտութիւնը, այլ՝ պէտք է ընդունիլ որպէս մարդկութեան հասարակաց խենթութիւնը եւ պէտք է անիծել այդ պատերազմները:

Այնուհետեւ, Աքչամ թարգմանաբար կը հրատարակէ երկու նամակներ Նազարէթ Տէմիրճեան եւ Յովսէփ Սէյիսեան անուն գերեվարուած զինուորներու կողմէ գրուած: Այդ նամակներուն մէջ կը պատմուի, թէ այս հայ զինուորները ինչեր քաշած են եւ դեռ ալ կը քաշեն որպէս ռուսերու ձեռքը ինկած գերիներ: Այդ նամակները հրատարակելէ առաջ, Թաներ Աքչամ կ’ընէ շատ հետաքրքրական մէկնաբանութիւն մը եւ կ’այպանէ այն թուրքերը, որոնք 1915ի Հայկական Աղէտին դէմ կը դնեն Սարըգամիշի ողբերգութիւնը: Անոնք կը պնդեն. «Եթէ հայեր 1915-ը ունին, մենք ալ Սարըգամիշ մը ունինք»: «Այս այպանելի բաղդատութիւնը ընողներուն հիմա պէտք է հարցնել, թէ այս երկուքէն ո՞ր մէկուն մէջ պիտի տեղաւորենք ռուսերու կողմէ գերեվարուած հայ օսմանեան զինուորներու նամակները», հարց կու տայ Աքչամ: