Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

  ՇԻՔԱԿՕ, Շիքակօ Թրիպիուն».- Շիքակոյէն 7ամեայ Արէն Էմրիկեան խլած է ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան՝ մինչեւ 8 տարեկան երեխաներու «Քատեթ» մրցանքի ախոյեանի տիտղոսը:
Էմրիկեան մասնակցած է 11 խաղի եւ կրցած է ամենաշատ միաւորները հաւաքել սոյն ախոյեանութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Պրազիլի մէջ:
  Արէն սկսած է ճատրակ խաղալու իր մօր՝ Անիի մղումով, երբ վերջինս նկատած է, թէ երեխան հակում ունի այդ մարզաձեւին հանդէպ:
  «Ամէն օր 1.5 ժամ փորձ կ՛ընէի: Մայրիկս արդէն միշտ կը պարտուի ինձմէ, իսկ հայրիկիս (Արմէն) հետ խաղալը աւելի՛ հետաքրքրական է: Ես կրնամ 4-5 քայլ առաջ մտածել եւ չեմ սիրեր պաշտպանուիլ: Յարձակման դիմելով՝ խաղս աւելի յաջող կ՛ընթանայ», կ՛ըսէ Արէն: