Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Նորին Վսեմութիւն

Տիար Սերժ Սարգսեան

Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան

Երեւան

 

Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ,

Այս առաւօտ խոր ցաւով  իմացանք Ձեր սիրելի հօր՝ Ազատ Աւետիսի Սարգսեանի մահուան գոյժը։

Այս տխուր առիթով անձնապէս, եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան ու ժողովականութեան, Ձերդ Վսեմութեան կը յայտնենք մեր խորազգած ցաւակցութիւնները։

Կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որ երկնային երանական խաղաղութեան մէջ ընդունի Ազատ Աւետիսի Սարգսեանի հոգին եւ զինք յաւիտենական կեանքի արժանացնէ։

Կ'աղօթենք, որ Բարձրեալն Աստուած Ձեզի պարգեւէ քաջառողջութիւն, եւ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ մխիթարէ Ձեզ եւ Սարգսեան ընտանիքի սգակիր անդամները։ Թող Ձեր սիրելի հօր յիշատակը միշտ վառ մնայ իր զաւակներուն ու հարազատներուն հոգիներուն մէջ։

 

Հայրապետական սիրոյ ողջունիւ եւ վշտակցութեամբ,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ