Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնին մէջ անյայտ անձեր հրդեհ յարաջացուցած են, նիւթական մեծ վնաս պատճառելով, կը տեղեկացնէ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։
Հայ կեդրոնին մէջ կայ «Վասպուրական» սրահը եւ եկեղեցոյ ու շրջանի կազմակերպութիւններու գրասենեակները։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը եւ համայնքի ղեկավարութիւնը, համագործակցութեամբ քաղաքի հրշէջներուն եւ օրինապահ մարմիններուն՝ կը հետապնդեն ազգային ատելութեան հողին վրայ կատարուած այս յարձակումին ծալքերը:
Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ խուլիկաններ Յուլիսին յարձակած էին Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնին վրայ, ատելավառ հայհոյանքներ գրելով եւ Ատրպէյճանի դրօշակին գոյները ներկելով անոնց արտաքին պատերուն վրայ: