Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը արդէն հասած է Հալէպ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 4-ին եւ 5-ին Հայաստանէն Սուրիա ուղեւորուած է մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած երկու օդանաւ: Օգնութիւնը բաժանուած է ոչ միայն Հալէպի հայերուն, այլեւ տեղի բնակչութեան:
Ուղարկուած օգնութեան մէջ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ են` հագուստ, պահածոներ, շաքարաւազ, ալիւր, ծխախոտ: